2014-06-23 13:28:50

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 23 յունիսի քարոզը` ''Ով որ ուրիշը կը դատէ, կեղծաւոր է. Կ՛ուզէ զԱստուած փոխարինել''։


Երկուշաբթի, 23 յունիս 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուան Սուրբ գրային ընթերցումին վրայ ուր կը խօսուի Յիսուսի տուած խրատին` ''Մի դատէք, որպէսզի չդատուիք''։
''Ով որ եղբայր մը կը դատէ, կը սխալի, Աստուած միակ դատաւորն է'' հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը իր արտասանած քասրոցին մէջ։ ''Ով որ կը դատէ` կը սխալի, որովհետեւ պարզապէս կ՛ուզէ ուրիշի մը տեղը առնել։ Ոչ միայն կը սխալի, այլեւ կը շփոթի'', որովհետեւ ուրիշը դատելու մտատանջումէն մղուած, կ՝ուզէ անոր աչքէն խլել շիւղը եւ չ՝անդրադառնար իր աչքին մէջ ունեցած գերանին։ Ով որ կը դատէ՝ ինք եւս պիտի դատուի'' ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով Յիսուսի օրինակին որ ''Իր Հօր առջեւ երբեք չի մեղադրեր, ընդհակառակը` կը պաշտպանէ ու Սուրբ Հոգին կ՝ուղարկէ մեզի պաշտպան հանդիսանալու համար։
Մեզ ամբաստանողը ըսաւ Քահանայապետը ''սատանան է'', Յիսուս պիտի դատէ` այո՛, վերջին դատաստանին օրը, մինչ այդ սակայն, Ան մեզի համար կը բարեխօսէ ու մեզ կը պաշտպանէ։ Եթէ կ՛ուզենք հետեւիլ Յիսուսի ճանապարհին, դատելէ աւելի պէտք ենք ուրիշները պաշտպանել։ Նաեւ աղօթքի միջոցաւ'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ու խօսքը եզրափակեց հայցելով որ Տէրը մեզի տայ շնորհքը նմանելու Յիսուսին, որ է բարեխօս, պաշտպան, փաստաբան, ու չնմանինք միւսին որ միայն մեր կորուստը կը փափաքի'։







All the contents on this site are copyrighted ©.